Ինչ կարող ենք անել միասնաբար
Վրեժ-Արմեն Արթինյանը զեկուցում է համահայկական ճարտարապետական համաժողովում
Վրեժ-Արմեն Արթինյանը խոսում է Կանադայի հայ ճարտարապետների և հարակից մասնագետների նոր կազմավորվող «Կամար» ընկերակցության անունից «Հայկական ճարտարապետության 21-րդ դարը» համահայկական ճարտարապետական համաժողովում:
“Ատենն էր, որ նման համախմբում մը կատարուէր՝ ճանչնալու համար մեր ներուժը նաե՛ւ այս մարզէն ներս եւ հունաւորելու համար զայն Ազգին ու Հայրենիքին յառաջընթացին ի խնդիր:
Կասկած չկայ, որ համահայկական մասնագիտական ընկերութիւններ յաւելեալ եւ ազդու միջոցներ կրնան հանդիսանալ յատկապէս Սփիւռքի պարագային՝ հայութեան առնչելու շատ արժանաւոր ու տաղանդաւոր հայորդիներ, որոնք այլապէս շատ մօտիկ կրնան չըլլալ հայ կեանքին՝ այլազան պատճառներով:
Արդ, այս համագումարը սքանչելի առիթ մըն է, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած հայ ճարտարապետներ ու յարակից մասնագէտներ, ինչպէս առաջադրուած է՝ ստեղծեն համահայկական ընկերակցութիւն մը, որպէսզի միասնաբար կարենանք հետապնդել հետեւեալ նպատակակէտերը.
1. Սփիւռքի ու Հայաստանի ներուժը միացնել եւ իրարու հետ բաժնել մեր հմտութիւնը ճարտարապետութեան այսօրուան գլխաւոր խնդիրներուն վերաբերեալ, ներառեալ «կանաչ» շինանիւթերու, շինելաձեւերու, շինութեան արուեստի ու արհեստագիտութեան մարզերը: Ի վերջոյ մեր ցրուածութեան դժբախտութիւնը կրնանք վերածել կռուանի՝ մեր հաւաքական ուժի գոյառման համար – աշխարհի տարբեր վայրերու եւ Հայաստանի ծաղիկներէն առաջնակարգ մեղր ստեղծելով մեր փեթակին մէջ:
2. Նպաստել այս մարզերու հայ մասնագէտներու փոխադարձ ծանօթացման՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, եւ զարկ տալ անոնց ծառայած շրջանակներու (շուկաներու) ընդարձակման՝ ճամբորդութիւններու, ցուցահանդէսներու, հրատարակութիւններու եւ համացանցի ճամբով: Փոխադարձ ծանօթացումը համագործակցութեան առաջին քայլն է: Իրենց ոյժերը միացնելով, Հայաստանէն թէ աշխարհի տարբեր ծայրերէն հայ մասնագէտներ կրնան միջազգային մրցոյթներու մասնակցիլ, ծրագիրներ յանձն առնել եւ իրագործել: Ի հարկէ հայ հանճարի այս համաշխարհայնացումը նորութիւն չէ, պարզապէս շարունակութիւնն է միջնադարեան աւանդութեան՝ Տրդատ ճարտարապետի 21-րդ դարու ժառանգներուն կողմէ:
3. Ունենալ համացանցային պաշտօնաթերթ մը: Վերոնշեալ նպատակի իրագործման լաւագոյն միջոցն է նման պաշտօնաթերթը, որ կապը պիտի հանդիսանայ բոլորին միջեւ, եւ մեզ իրարմէ տեղեակ պահէ շարունակական ձեւով: Բոլորս պիտի կարենանք մեր լուրերը, մեր յաջողութիւնները, մեր գրութիւնները, մեր պրպտումները, մեր կարիքներն ու հարցումները հասցնել իրարու: Պաշտօնաթերթը կրնայ նաեւ ծառայել հասարակութիւնը աւելի իրազեկ դարձնելու մեր հարցերուն՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, իսկ ասիկա արդէն պատեհութիւն կը ստեղծէ հանրութեան զարգացման առումով՝ ճարտարապետութեան, քաղաքաշինութեան, բնապահպանման եւ այլ մարզերու մէջ ընդհանրապէս:
4. Զարկ տալ այս ոլորտներուն մէջ մեր լեզուի զարգացման՝ քայլ պահելով արհեստագիտութեան յառաջդիմութեան հետ – ասիկա կրնայ իրականանալ մէկ կողմէն մեր այդ պաշտօնաթերթին ճամբով, միւս կողմէ տարբեր միջոցառումերով, մանաւանդ բազմալեզու բառարանի մը կամ բառարաններու շարքի մը հրատարակութեամբ: Այս ալ ուրիշ նպաստ մը կը հանդիսանայ մեր մշակոյթին համար, կը հարստացնէ մեր լեզուն, այլեւ կ’ամրագրէ մեր հայերէնի իմացութիւնը:
5. Ծանօթացնել արդի ու դասական համաշխարհային ճարտարապետութիւնը Հայաստանի ու հայկական ճարտարապետութիւնը՝ աշխարհին: Ասիկա դաստիարակչական աշխատանք մըն է, որ շարունակութիւնը կը հանդիսանայ ցարդ կատարուած անհատական թէ հաւաքական այլ աշխատանքներու Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:
6. Նպաստել ճարտարապետական մեր ժառանգութեան պահպանման: Այդ ժառանգութիւնը չի սահմանափակուիր ի հարկէ ներկայ ՀՀ եւ ԼՂՀ սահմաններէն ներս գտնուած մեր գանձերով: Անոնց բազմապատիկը ցրուած կը մնան պատմական Հայաստանի ինչպէս նաեւ Արտերկրի այլազան տարածքներուն վրայ, ուր հայկական գաղթօճախներ կան կամ եղած են: Գտնել, ցանկագրել, լուսանկարել, չափագրել, արխիւագրել, այլեւ արժեւորել այդ բոլորը՝ ահա գործունէութեան անսպառ դաշտ մը: Այս գործին մաս կը կազմէ նաեւ հայ ճարտարապետներու ու յարակից մասնագէտներու արխիւներու հաւաքումն ու պահպանումը, որ նոյնպէս մեծ աշխատանք է, ու միացեալ ոյժերու կը կարօտի:
7. Մասնակից դառնալ Հայաստանի գիւղական շրջաններու շինարարութեան ու շէնացման զարգացման: Հայաստանի ապահովութեան ռազմավարական կարեւոր հարցերէն մէկն է ասիկա, ուր համահայկական տնտեսական ներուժին կրնայ միանալ նաեւ մեր շինարարական ներուժը ու նպաստել մեր երկրի ամրակայման:
8. Վերջապէս, նպաստել ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական կրթութեան ու վարժանքի զարգացման՝ միջազգային չափորոշիչներով: Երբոր ունենանք համահայկական ցանց մը, մենք կրնանք առաջին հերթին օգնել հայ ուսանողներուն կողմնորոշուելու դէպի ճարտարապետութեան, ճարտարագիտութեան ու յարակից մասնագիտութիւնները, հաստատել համահայկական կրթաթոշակ, մրցանակ ու քաջալերանքի հիմնադրամ՝ անոնցմէ ամենէն փայլուն ու խոստմնալիցներուն համար, ապա յարմարութիւններ ստեղծել՝ իրենց ուսումը կատարելագործելու եւ վարժանքի շրջանը բոլորելու ամբողջ երկրագունդին վրայ եւ ձեռք ձգելու միջազգային առումով կրթութիւն եւ հմտութիւն: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, նաեւ այս մարզերու մեր դասախօսները Արտերկիրէն Երկիր եւ փոխադարձաբար կրնան գործուղղուիլ եւ հարստացնել ճարտարապետական-ճարտարագիտական կրթական ոլորտը”: